Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան, (աւազանի անունով՝ Կարապետ), ծնած եմ 1972-ին, Գամիշլի (Սիրիա)։ Մուտք գործած եմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք 1985-ին։ Եկեղեցական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած եմ ձեռամբ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Աշճեանի, 1994-ին։
Նոր մուտք գործած Դպրեվանք, սոսկ երկու շաբթուայ ուսանող, մասնաւոր դէպք մը եկաւ պատճառ դառնալու որ Աստուծոյ խօսքին սէրը ողողէ համակ էութիւնս, երբ տակաւին տասներեք տարեկան էի։ Անկէ ետք, նոր էջ մը բացուեցաւ կեանքիս մէջ. ուշադրութեանս, կեդրոնացումին, բայց մանաւանդ սիրոյս առանցքը դարձաւ կեանքի գիրքը՝ Աստուածաշունչը։
Ամբողջ ժամանակս կը յատկացնէի (եւ կը յատկացնեմ) Աստուծոյ խօսքին սերտողութեան ու քննութեան։ Ուսանողութեանս տարիներուն, Աստուածաշունչէն զատ ուրիշ գիրք ընդհանրապէս չէիք գտներ ձեռքերուս մէջ։ Առիթով մը, երբ սարկաւագ էի եւ Դպրեվանքի բակին մէջ քալելով Աստուածաշունչ կը կարդայի, պատահաբար ինքզինքս կանգնած գտայ Երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Սարգիսեան Կաթողիկոսի առջեւ։ Վեհափառ Հայրապետը հարցուց. «Տղա՛ս, դուն Աստուածաշունչէն զատ ուրիշ գիրք չունի՞ս»։ Պատասխանեցի. «Վեհափառ Հայր, Աստուածաշունչ ունեցողը՝ ուրիշ գիրքի պէտք ունի՞»։
Գործերս թուելու կարիքը չկայ. զանոնք արդէն զետեղուած կը գտնէք սոյն կայքէջի մէջ։ Անշուշտ ժամանակի ընթացքին նոր գործեր պիտի գան խտացնելու շարքերը կայքէջ դրուած մեր աշխատանքներուն։
Այստեղ կ'ուզեմ ուրախութեամբ յայտնել, թէ շուրջ երկու տարիներէ ի վեր լծուած եմ Նոր Կտակարանի համառօտ մեկնութեան ձեռնարկի մը պատրաստութեան. այս ծրագիրը անշուշտ Տիրապարգեւ ներշնչումով ծնունդ առաւ։
Փառք կու տամ մեր փառքի ու փառաւոր Աստուծոյն՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի, Իր խօսքին հանդէպ ինծի պարգեւած՝ Իր անբաւ սիրոյն համար, Իր խօսքը սերտելու ու մեկնելու աննահանջ եռանդին համար։ Մենք ինչ որ ունինք՝ Իրմէ է ու Իրեն համար։ Ուստի փա՛ռք Իրեն. մի՛այն Իրեն։